Նոր հայությունը՝ խանդավառության ու խոհականության միջև. Արշակ Չոպանյանի մտորումները Վարդանանց տոնին  

 

19-րդ դարի վերջին Օսմանյան կայսրության հպատակ արևմտահայության կյանքում վրա հասավ համիդյան ջարդերի աղետը։ Հայ գրող և հասարակական գործիչ Արշակ Չոպանյանը, ջարդերի այս ալիքից ահաբեկ, 1895 թվականին տեղափոխվում է Փարիզ, ուր և պետք է հաստատվեր ապրելու մինչև կյանքի վերջը։ Ներկա վավերագիրը 1898 թվականին Վարդանանց տոնի առթիվ Չոպանյանի մտորումներն են՝ տոգորված հայության զանգվածային ջարդերի առթած սուր տագնապներով։

Եղիշեի «հրեղէն հեքիաթից» ժողովրդի սիրտը մտած Վարդանը՝ որպես «գաղափար–անձնաւորութիւն», «ազգ–մարդ», «դրօշակ–անուն» Չոպանյանի հոդվածում «նոր Հայութեան» ինքնության սահմանադիրն է երևում. Մարտիրոս-Հերոս, ով «մեռնիլ սորվեցուց»։ Վարդանի սխրանքն արևմտահայ գործչի համար հայերի՝ Ասիական ոգուց դեպի Արևմուտքի քաղաքակրթություն ճակատագրական շրջադարձի լայն հեռանկարում այն վճռական կետերից է, երբ «տաժանելի եւ գեղեցիկ դերը կը ստանձնենք Ասիոյ մէջ Արեւմտեան քաղաքակրթութեան յառաջապահ գունդն ըլլալու»: Եվրոպայում ապաստանած հայ դատի պաշտպան գործիչն այս տեսանկյունից փորձ է անում նշանավորելու հայերի դերն Արևմտյան քաղաքակրթության համար առհասարակ՝ իբրև հեթանոս ու մահմեդական Ասիայի դեմ ելած քրիստոնեության զինվորներ, որոնց ամբողջ պատմությունը «կրկնութիւնն է Վարդանեան արարքին»։

Ազգի կորովն ու ոգին արթնացնողը, նրա կամքն ամրացնողն ու դիմադրության ուժ տվողը Չոպանյանի մտքում անձնազոհ ու բոցավառ այն խանդավառությունն է, որի դրոշն են պարզում Վարդանանց նահատակ-հերոսները Եղիշեի «ազգային դիւցազներգութեան» մեջ։ Սակայն Վարդանանց այս սահմանադիր նշանակության կողքին գործիչը միաժամանակ փորձում է հայոց պատմությունից վերհանել «ճարտար դիւանագէտի» մի կերպար՝ Վահան Մամիկոնյանին, որը պետք է խաղաղությամբ պսակի Վարդանի սխրանքը՝ ապահովելու «անվհատ եւ խուլ գնացքը դէպի փրկութիւն»։ Խանդավառ նահատակության և խոհական ու հանդարտ «ազգային վարիչների» միջև Չոպանյանի դրած այս հակադրությունը կարծես ելնում է իր ժամանակի ահասարսուռ դեպքերից ծնված կարիքից. «Ատենն է որ, աւերակներուն մէջէն, Վահանին հոգին կանգնի»։ Նոր հայության բուն ինքնությունն ու քաղաքակրթական արժեքն ուրիշների համար, այնուամենայնիվ, տեքստում արդեն սահմանված է գաղափարի համար նահատակվելու սխրանքով. մահվանն ընդառաջ գնալու գիտակցված ու միաբան դիմադրության շարժում, որը հենց խոհականությամբ է սահմանադրում ինքը՝ Եղիշեն։

Հրապարակվում է ըստ՝ Արշակ Չօպանեան, «Հերոսները», Նոր կեանք, 1898, թիվ 5, էջ 65-68։

 

 

Հերոսները

 

Վերջին եղերական դէպքերէն յետոյ, չեմ գիտեր թէ հայ հողի ոեւէ անկիւն մը կարելի պիտի ըլլա՞յ այդ տարի Վարդանանց տօնը տօնել: Բայց ապահով եմ որ, ինչքան ալ ճմշումը մեծ ու յուսահատութիւնը խորին ըլլալ, սուգին, սարսափին, ցուրտին ու սովին մէջ, փետրուար 24ի օրը, ամէն Հայու մտքին մէջ մեծապայծառ պիտի շողայ Մարտիրոս–Հերոսին կարմիր յիշատակը, եւ մութ անկիւններու մէջ, տենդոտ մատներ Եղիշէի էջեր պիտի թղթատեն:

Մեր մեծ տօնը, մեր յաւիտենական տօնն է ան: Տօնը որով ազգ մը իր հոգին կը փառաբանէ, իր գոյութիւնը կը հաստատէ: Վարդանը հայ ցեղին խորհրդանշական դէմքն է: Գաղափար–անձնաւորութիւնն է ան, ազգ–մարդը: Ֆրանսացիները Ժան տ’Առքը ունին, մենք Վարդանը ունինք: Ժան տ’Առք ֆրանսական ժողովրդին յիմարական խանդավառութիւնն է որ կը ցցուի թշնամիին դէմ, երկրին բոլոր ուժերը միեւնոյն շունչով կը միացնէ վտանգին հանդէպ, եւ ֆրանսական Հայրենիքը կը հաստատէ: Վարդան հայ ցեղին յամառ ու անձնուէր կորովն է որ հին հեթանոս Ասիային դէմ կ’ապստամբի եւ նոր Հայութիւնը կը հիմնէ:

Յաղթական թագաւորներ, իմաստուն վարիչներ, մեծազօր սուրբեր ունեցած ենք, եւ սակայն ո՛չ մէկ անուն այնքան գուրգուրանքով ու պաշտումով տարածուած է մեր մէջ որքան Վարդանինը. դրօշակ–անունն է ան: Մեր հին գրականութեան ամենէն կենդանի գիրքը ա՛յն է ուր Վարդանին պատմութիւնը կ’երգուի: Մեր հին ու նոր բոլոր բանաստեղծներուն ամենէն սիրական նիւթը՝ հրեղէն հէքեա՛թն է Աւարայրի կռիւին: Ժողովուրդը իր անձնաւորումը տեսած է այդ անվեհեր մարտիկին մէջ որ մահուան դիմեց պահպանելու համար ազգային հաւատքը, այսինքն ազգային ինքնութիւնը:

Քրիստոնէութենէն առաջ, հայ ցեղը մեծ օրեր ունեցած է, բայց դեռ ազգը վերջնական որոշ ձեւ մը չէ ստացած. Ասիոյ բազմաթիւ հեթանոս պատերազմիկ ցեղերէն մէկն է, Պարթեւներուն մէկ ճիւղը կը թուի: Իր ինքնութիւնը կը շեշտուի ա՛յն օրէն երբ, պարսիկ եւ հռոմայեցի կրկին ազդեցութեանց միջեւ բաժնուած, կ’որոշէ Ասիական ոգիին կռնակ դարձնել եւ ձգտիլ դէպի Արեւմուտքի քաղաքակրթութիւնը: Քրիստոնէութիւնը մեր մէջ կը հաստատուի, եւ այն ատեն ցեղը յստակօրէն կ’անջատուի պարսիկ տարրէն եւ բովանդակ ասիական զանգուածէն, ինք իր մէջ կը սեղմուի, կը խտանայ, ուրոյն կեանք եւ ուրոյն գոյն կ’ունենայ: Նոր կրօնքը իր հետ կը բերէ միանգամայն արեւմտան զարգացումը. լեզուն կը ձեւակերպուի եւ մինչեւ այն ատեն գործածուող օտար լեզուները վանելով ամբողջ ժողովրդին մտաւորական կապը կը դառնայ, գրականութիւն մը կը սկսի, ազգը իր գոյութեան գիտակցութիւնը կ’ունենայ: Ու այնուհետեւ տաժանելի եւ գեղեցիկ դերը կը ստանձնենք Ասիոյ մէջ Արեւմտեան քաղաքակրթութեան յառաջապահ գունդն ըլլալու: Այդ դերը Վարդանանց դէպքէն ծագում կ’առնէ: Անկից առաջ Արշակունի թագաւորներուն ու նախարարներուն վրայ հեթանոսական գոյն մը, ասիական դրոշմ մը կայ դեռ. կրօնականներն են միայն որ նոր ոգին կը ներկայացնեն, ազնիւ  խանդով մը ապագայ շէնքին հիմերը կը դնեն, զուտ ազգային ու յառաջդիմական տարրը կը կազմեն. եւ երբ նախարարներուն անմիաբանութեամբն ու մատնութեամբը՝ Արշակունի թագաւորութիւնը կը կործանի, Եկեղեցին է որ ազգին անկախ անջատ գոյութիւնը կ’ապահովէ, ցրուած ու պառակտած անդամներուն միջեւ մեծ ներքին կապը կը դառնայ, կը շարունակէ հայ միտքը արեւմտեան աշխարհին հաղորդաւորել, կ’արգիլէ ցեղը՝ պարսիկ տարրին խառնուելէ: Եւ ժողովուրդը խորապէս կը զգայ թէ իր գոյութիւնը Եկեղեցիին կեանքէն կախուած է: Այնպէս որ երբ պարսիկ պետութիւնը կը բռնադատէ Հայերը մոգութիւն ընդունիլ, ազգը միահոգոյն կը ցցուի այդ կործանարար կամքին դէմ, եւ իր յամառ դիմադրութեամբը, իր հիանալի անձնազոհութեամբը կը յաջողի իր կեանքը պահպանել: Վարդան Մամիկոնեան այդ ամբողջ ազգային–կրօնական շարժումը կը ներկայացնէ. ինքը եղաւ առաջինը որ օրինակը տուաւ Գաղափարին համար կռուելու եւ մեռնելու: Վարդանէն յետոյ, ամբողջ Հայոց պատմութիւնը կրկնութիւնն է Վարդանեան արարքին: Վարդանէն սկսեալ, Հայը քրիստոնէութեան զինուորը կը դառնայ հեթանոս ու մահմետական Ասիային դէմ, եւ իր ցաւագին ու երկայն ճիգերովը անոր դէպի Եւրոպա հեղեղումը կը մեղմացնէ եւ յապաղեցնէ, եւ ո՛չ միայն կը յաջողի՝ իր անկանգ դիմադրութեամբը՝ իր ուրոյն գոյութիւնը անեղծ պահել, այլ եւ կը մնայ Եւրոպական Գաղափարին ներկայացուցիչը Փոքր–Ասիոյ մէջ: Բիւզանդեան կայսրութիւնը իրեն կրտսեր եղբայր ունեցաւ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը: Խաչակիրները իրենց արշաւանքին մէջ Հայերը գտան դաշնակից՝ Ասիական հոսանքին դէմ: Առանց Վարդանանց արարքին, թերեւս հայ տարրը պարսկութեան մէջ հալած ըլլար, եւ այն ատեն թերեւս ամբողջ Փոքր–Ասիա մահմետական ըլլար այսօր: Աշխարհ դեռ կ’անգիտէ մեր ցեղին այս դերը. եւ մենք իսկ տիեզերական պատմութեան մէջ մեր կատարած ճշմարիտ գործին գիտակցութիւնը չունինք. մենք մեզ չենք ճանչնար ինչպէս որ պէտք է. ապա թէ ոչ պիտի շատոնց համոզուած ըլլայինք թէ հպարտանալու իրաւունք տուող շատ աւելի կարեւոր արժանիք մը ունեցած ենք քան Ադամին դրախտը պարունակող հայրենիք մը եւ Յիսուսին հետ թղթակցող թագաւոր մը ունեցած ըլլալու առասպելական արժանիքը:

Պատմական քննադատութիւնը վճռական ուսումնասիրութեամբ մը դեռ չէ լուսաւորած Վարդանեան շրջանին ճշգրիտ նկարագիրը: Եղիշէի գիրքը՝ պատմութենէ աւելի՝ քերթուած մըն է. մեր ազգային դիւցազներգութիւնն է ան. եւ շատ հաւանական է որ սխալներ, ծայրայեղութիւններ եւ անիրաւութիւններ պարունակէ. մտածողներ եղած են թէ Վասակ մատնիչ մը չէր, այլ դիւանագէտ մը, որ կ’ուզէր հայրենիքը փրկել ոչ թէ բուռն ու աղիտաբեր այլ խորագէտ ու հանդարտ միջոցներով: Բայց ժողովուրդը Եղիշէին հաւտացած է, Վարդանին յարած եւ անոր հետեւած է: Ժողովուրդը միշտ խանդավառներուն կը հետեւի. եւ իրաւունք ունի: Խանդավառներն են որ ազգի մը հոգին կը շինեն. նորէն անոնք են որ, անկման օրերուն, զանի կը վերանորոգեն. անոնք ստեղծագործողներն են. հանդարտ եւ խոհեմ մտքերը կը կազմակերպեն ու կը կատարելագործեն ինչ որ յանդուգն եւ անձնուէր հոգիները ուրուագծած են: Ճարտար ու հաշուագէտ ընթացավարութիւնը ազգի մը տեւական զօրութիւնը, հիմնական ասկունութիւնը կ’ապահովէ, ազգին միսն ու ոսկորը կը կազմէ, եւ անշուշտ այնչափ կարեւոր է որչափ խանդը, որ արդէն՝ միս մինակ՝ աղիտաբեր կրնայ ըլլալ: Բայց ժողովուրդը խանդը միայն կը տեսնէ, անոր կը նուիրէ իր պաշտամունքն ու հիացումը: Խանդավառներն են որ ազգի մը կորովը իր բարձրագոյն կատարներուն կը հասցնեն. Ֆրանսայի մեծութեան սիւները իր աւիւնի դէմքերն են, Ժան տ’Առքը, Տանգոնը, Նաբոլէոնը: Ասոնք ժողովրդին հոգին կ’ընդարձակեն, քաջութիւնը կ’աճեցնեն. ասոնք իրենց ծայրայեղութեամբն իսկ իրականութենէն դուրս կ’ելլեն, խորհրդանշաններ կ’ըլլան եւ ուժ կը ներշնչեն ամբոխին. անոնց անցքէն յետոյ, ազգ մը ինքզինքը աւելի հարուստ կը զգայ հանճարով, աւելի առոյգ առնականութեամբ: Անոնք ժողովրդի մը սիրտն են. եւ առանց այդ տաք բաբախումին, ժողովուրդ մը չի կրնար կենդանի մնալ: Մեր մէջը Փաւստոս Բիւզանդացիէն աւելի, որ ստուգապատում ժամանակագիր մըն է, ժողովրդական եղած է Խորենացին, որ բանաստեղծ մըն է պատմական անճշդութիւններով լեցուն: Բիւզանդացին շրջանի մը պատկերը գծած է, Խորենացին իր հայրենասէր հոգիովը ամբողջ բարոյական շէնք մը կանգնած է, հերոսներ երկնած է, հպարտացնող եւ կազդուրող զգացումներ ներշնչած է, Հայաստանը ստեղծած է: Վահան Մամիկոնեան, միանգամայն քաջ ռազմիկ եւ ճարտար դիւանագէտ, կատարեալ տիպարն է ազգային վարիչի, բայց ժողովրդին հոգիին մէջ Վահանէն շատ վեր, ամենէն պայծառ լոյսին մէջ, Վարդանին դէմքն է որ կը կանգնի, որովհետեւ Վարդան մեռնիլ սորվեցուց: Եւ, կը կրկնեմ, ժողովուրդը իրաւունք ունի: Առանց Վարդանեաններուն խիզախ շարժումին, միմիայն խորամանկութեան եւ ճարպիկ համակերպութեան վրայ հիմնուելով, շատ հաւանական է, որ Հայ ժողովրդին կորովը պիտի թուլնար, ինք իր վրայ հաւատքը պիտի նուազէր, եւ պարսկացումը, որ արդէն մասամբ սկսած էր Վարդանանց դէպքէն առաջ, պիտի ընդհանրանար: Վարդանանց արարքը թօթվեց ազգը, զանի վերանորոգեց, պարսիկ վիթխարի զօրութեան դէմ այդ փոքրիկ խումբին անվեհեր յառաջխաղացութիւնը մեծ դասը տուաւ ժողովրդին թէ անձնազոհութեան ոգին փրկարար ու ամրացուցիչ ուժն է, եւ թէ անոնք սահմանուած են ապրելու որոնք իրենց իտէալին համար մա՛հ յանձն առնել գիտեն: Ժողովուրդը դասը հասկցաւ: Շարժումը պատրաստ էր արդէն անոր հոգիին մէջ, Վարդանանց արարքը կայծը եղաւ. մէկ հարուածով, ազգը ծայրէ ի ծայր բռնկեցաւ, եւ այն հոյակապ անսահման ցաւագին դիմադրութիւնը սկսաւ, զոր Եղիշէ կը նկարագրէ վսեմ էջերու մէջ: Քահանաները նախընտրեցին զարհուրելի տանջանքներով մեռնիլ քան ուրանալ ազգային հաւատքը. ժողովուրդը լեռներն ու անապատները քաշուեցաւ, յանձն առնելով անասունի կեանք անցընել քան ատուած օտարին խառնուիլ. հալածանքը սաստկացուց Հայերուն մէջ իրենց ազգային զգացումը, հալածող տարրէն զիրենք հզօրապէս անջատեց, իրենք իրենց մէջ ամփոփեց. բերդեր ու անառիկ տեղուանք պատսպարան եղան քաջերու որոնք երկայն դիմադրութիւններով թշնամին յոգնեցուցին, ընդհանուր աւերումին մէջ անկախութեան կղզեակներ պահեցին. եւ կիները չարքաշութեան, համբերութեան եւ անձնուիրութեան դիւցազնական ապացոյցներ տուին: Այս երկայն ու դժնդակ դիմադրութիւնը խոնջեցուցած ու վհատեցուցած էր արդէն պարսիկ բռնապետութիւնը, երբ Բիւզանդեան կայսրութիւնը, որուն հայկական պատգամաւորներ գացած էին օգնութիւն խնդրելու, Պարսկաստանին հետ սկսաւ իր մեծ պայքարը, որ վերջ ի վերջոյ աղիտաւոր պիտի ըլլար Հայաստանին, բայց որ այդ միջոցին նպաստեց պարսիկ ճնշումը մեղմացնելու: Այս բոլոր պայմանները արդէն հողը պատրաստած եւ կացութիւնը հասունցուցած էին, որով Վահան Մամիկոնեան կրցաւ իր կորովի ճարտարութիւնը ի գործ դնել եւ մարզպանութեան ձեւին տակ տեսակ մը ինքնավարութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ: Վահանին գործը պսակումն է Վարդանին արարքին. եւ եթէ ժողովուրդը իր հիացման բաժանումին մէջ կողմնակալ է, պատմական քննութեան անաչառ հայեցուածքին առջեւ՝ երկու հերոսները իրենց ճշմարիտ դիրքովն ու իրական համեմատութիւններովը կը ներկայանան: Առանց Վարդանին, հայ ժողովուրդը պիտի չի հասներ այն մեծաբորբոք խանդավառութեան, այն գերագոյն զոհասիրութեան, այն խելայեղ յանդգնութեան, որոնց վրայ յենելով Վահան կրցաւ իր հնարագէտ ծրագիրը յաջողցնել, բայց անշուշտ նաեւ առանց Վահանին ճարտար ու խորագէտ քաղաքագիտութեանը, Վարդանին յարուցած շարժումը պիտի յանգէր ջնջումի: Երկուքը իրար կը լրացնեն: Եւ մեր պատմութիւնը շատ անգամ կրկնած է այդ երկադրուագ դիւցազներգութիւնը:

 

Այդ մեծ յիշատակներուն վրայ՝ ամէն ժամանակէ աւելի պատեհ է որ խորհինք հիմա, այս տենդոտ շրջանին մէջ, ողբերգական դէպքերէ յետոյ որոնք առանց նմանութեան չեն Վարդանանց շրջանի դէպքերուն հետ: Ստրկացման, ստորացման, անխոստովանելի համակերպութեան երկայն ժամանակամիջոցէ մը յետոյ, մտաւորական զարթումի մը մղմամբը, ազգը թօթվուեցաւ. Վարդանին հոգին անցաւ անոր վրայէն, եւ ստրուկը ցատքեց իր թմրութենէն, ուզեց մա՛րդ դառնալ. բողոքեց, իրաւունքները պահանջեց, փորձեց դիմադրել, իր գոյութեան ապացոյցը տուաւ. նոր Ղեւոնդներ ծագեցան, խիզախ սերունդ մը երեւցաւ որուն մէջ հին Վարդանը կը վերկենցաղէր, եւ կիներ յայտնուեցան որոնք Եղիշէի վսեմ հայուհիներուն արժանի յաջորդներ ցուցուցին զիրենք: Բայց պարագաները աննպաստ էին, շարժումը կանխահաս էր, եւ ճիգը անհամապատասխան՝ թշնամի ուժին. քաղաքակիրթ աշխարհը անտարբերութեամբ դիտեց արդարութիւն պահանջող ժողովրդի մը գալարումը. բարբարոսները անգամ մըն ալ իրենց կործանման դերը կատարեցին. խաւարչտին ձեռքեր ամբողջ ազգը կոշկոճեցին դժոխային տանջարանի մը վերայ. եւ այսօր վիրաւոր, ոգեսպառ, հիւանդ մարմին մըն է ան…

Ատենն է որ, աւերակներուն մէջէն, Վահանին հոգին կանգնի:

Այդ հոգին անհրաժեշտ է որպէս զի ա՛յսչափ կորուստն ու աղէտքը պտուղ բերեն, եւ որպէս զի բոլոր այս մահերէն Կեանքը դուրս ցատքէ: Արդէն, ատենէ մը ի վեր, ժողովուրդը, իր անսխալ բնազդականութեամբը, նոր ճամբայ մը փնտռելու հետամուտ է: Անհնարին եւ անբնական է վարդանեան ուղղութիւնը մշտապէս շարունակել: Աւելի գեղեցիկ բան չի կայ քան սանձարձակ խանդավառութիւնը, քան յուսահատ ու մոլեգին յանդգնութիւնը. բայց երբ զգացման պայթումին ետեւէն, հաշուող միտքը չի հասնիր իր դերը կատարելու, փճացում յառաջ կուգայ, եւ ժողովուրդ մը երբեք չի կրնար փճացումը յանձն առնել: Չնկատելով առ այժմ վերջին շարժումներուն մէջ գործուած կարգ մը սխալները, որոնցմէ ոմանք ոճիրի ձեւ ունին, մեր դարավերջին անցքերուն ամբողջութիւնը վերէն գիտելով, կրնանք ըսել որ մեր պատմութեան ամենէն նշանակալից եւ ամենէն կարեւոր մէկ շրջանն էր ան, եւ անուրանալի է որ մե՛ծ, այո՛, մեծ ու գեղեցիկ է այդ շրջանը իր ամբողջութեանը մէջ. մեռած կարծուած ժողովուրդ մը, հինգ դարուան անշարժութենէ յետոյ՝ որու միջոցին անճոռնի բռնաւորներու գարշապարին տակ ամենէն անարգ ստրկութեան դատապարտուած էր, կրցաւ յանկարծ, գրականութեան բերած ցնցումէն արթնցած, Եւրոպական նոր գաղափարներուն շունչէն նորոգուած, Դպրոցին ծնուցած գիտակցականութեամբը ամրացած, համակերպութեան ճահիճէն ցցուիլ ոտքի ելլել, արեւուն տակ իր արդար իրաւունքները պահանջել, ինքնապաշտպանութեան ջանքի մը ուրուագծովը իր առնութիւնը ապացուցանել: Ցաւալի բան մը եղաւ որ Հայոց բարեկամները ամէն տեղ միմիայն մեր աղէտքներն ու չարչարանքը նկարագրեցին Եւրոպայի գթութիւնը հրաւիրելու համար, եւ աշխարհի առջեւ մեզի տուին տկար, ողորմելի, ինքզինքը պաշտպանելու անկարող ազգի մը գոյնը. քաջութեան ապացոյցները, յանդգնութիւնները, դիմադրութեան փորձերը մեզի համակրողներուն կողմէն բոլորովին անտես առնուեցան եւ մեր թժնամիներուն կողմէն իբր խռովարարական ոճրագործ արարքներ ներկայացուեցան: Չեմ գիտեր մեզի համար աւելի նեղացուցիչ, աւելի նուաստացուցիչ բան մը քան այն տիեզերական արգահատանքը որ մեր դժբաղդութեանը նկատմամբ արտայայտուեցաւ եւ որուն մէջ անխուսափելի արհամարհանք մը կը ծածկուէր: Մեր բարոյական արժանապատուութեանը համար, կարեւոր գործ մըն է որ վերջին դէպքերուն մէջ հայ ցեղին ցուցուցած կորովը, յանդգնութիւնը, զոհողութեան ոգին մերեւան հանուին ընդհանուր ողորմ ու խղճալի պատկերին մէջէն: Այն քիչերը որոնք հայկական խնդիրը մօտէն եւ ամբողջութեանը մէջ կրցան ուսումնասիրել, աւելի յարգանք ունեցան մեզի համար: «Անկեղծօրէն խոստովանիմ, կ’ըսէր ինծի օր մը Ալֆոնս Տոտէն, թէ ձեր վերջին ցոյցերէն, եւ Զէյթունի դէպքէն առաջ, ձեր ժողովուրդը մեզի կ’երեւար իբր առուտուրի ժողովուրդ մը միայն. հիմա կը տեսնենք որ հերոսներ ալ կրնաք եղեր արտադրել:»

Բայց այս բոլորը պատճառ մը չէ որ ազգ մը անպայման շարունակէ վտանգին ճամբէն ընթանալ: Հերոսութիւնը, անհատին ինչպէս ժողովրդին մէջ, ժամանակաւոր վիճակ մըն է, անձին գերագոյն ընդոստումն է որ մշտական չի կրնար ըլլալ: Մշտական վիճակը, կանոնաւոր եւ առողջ վիճակը, զոր պէտք է ունենալ, գիտակից եւ ուշիմ արութիւնն է, ապահով, անվհատ եւ խուլ գնացքը դէպի փրկութիւն: Անոնք որ կը քարոզեն թէ պէտք է անընդհատ ու դեռ երկայն ատեն շարունակել այս արիւնոտ փորձը, անձնասպանութեան կը մղեն ազգը. եւ մեր ժողովուրդը, որ միշտ, իր պատմութեան մէկ ծայրէն միւսը, խորագիտութիւնը միացուցած է քաջութեան, անշուշտ պիտի յանձն չառնէ անիմաստ ու ամուլ զոհողութիւններով ինքզինքը չքացնել:

Ասոնք կնճռոտ, հրատապ եւ կենսական խնդիրներ են, եւ պէտք ունին ընդլայնման. բայց այս ընդհանուր տեսութեան մէջ կացութեան մեծ գծերը միայն ուզեցի ցուցընել. ուրիշ առիթով թերեւս մանրամասնուին այս նկատողութիւնները:

Քառուղիի մը մէջտեղն ենք այսօր: Ետեւնիս՝ արիւններու ճամբան մոխիրի ու մուխի մէջ կը թաղուի: Պէտք է փնտռենք ճամբայ մը որ մեզ հանէ այս մահուան ու աղջամուղջի մթնոլորտէն: Զգացինք որ միս մինակ ենք եղեր թշնամիին հետ, եւ թէ մեր ուժը դեռ շատ խակ էր յաղթելու համար ճնշողական տարրին: Հիմակ դադարի վայրկեան մըն է, անթիւ հետեւանքներով յղի, թանկագին, եւ խորհրդաւոր: Պէտք է գիտնանք հաշուել, դատել եւ ընտրել:

Առաւել քան երբեք ատենն է որ ամփոփուինք, եղած անսահման կորստին վրայ խորհինք, եւ զարգանալու միջոցները փնտռենք: Փոխանակ անիմաստ վնասակար վէճերուն, ատեն է որ ազգին բոլոր ուժերը միանան, իրար հասկնան, ներդաշնակուին եւ գործեն: Իմաստակ բացագանչութիւններէն, տգէտ յոխորտանքներէն, եւ տղայական յոյսերէն անջատուինք. ճանչնանք մենք մեզ. մեր խնդիրը, մեր երկիրը, մեր ցեղը, մեր միջավայրն ու պայմանները ուսումնասիրենք, եւ գիտնանք մեր ճիգերը տեղին եւ ժամանակին պատշաճեցնել:

Ապրի՛ Վարդանը: Անոր շառագոյն ստուերը պէտք է միշտ մեր հոգիին վերեւ ծածանի: Առանց անձնուիրութեան զգացման, ազգ մը մեռած է, հերոսն է որ ժողովրդի մը կուտայ գերագոյն ազնուականութիւնը: Հերոսին գործն է կեանքը ցնցել ու ճամբան բանալ. յետոյ, երկայն ամուր ներքին աշխատութիւնը պէտք է սկսի դէպի նպատակը յառաջխաղացութեան: Արդէն, պատմական օրէնք մըն է որ, մեծ յեղաշրջումի վայրկեաններէն յետոյ բնաշրջումը կը սկսի. այն ատեն, Հերոսը կը կերպարանափոխուի. Քաջին տեղ Իմաստունը կուգայ. Լէոնիդասէն յետոյ Սողոնը կը յայտնուի: Եւ այն ազգը մեծ է որ երկուքն ալ ունի: Ապրի՜ Վարդանը. բայց ատեն է որ Վահանը երեւայ…: Ես կը բաղձայի որ այս տարի, Վարդանանց տօնին օրը, ամէն Հայ, Եղիշէէն յետոյ, քիչ մը Փարպեցի կարդար:

Բարիզ, 21 փետր. 98