Ժան-Ժակ Ռուսոն և «նոր կարգ ու սարք» հիմնելու հայկական պատկերացումները 19-րդ դարի վերջում

 

Ընթերցողին ներկայացնում ենք մի հոդված, որտեղ փորձ է արվում հակիրճ ուրվագծել Ժան-Ժակ Ռուսոյի գաղափարները և դրանց ազդեցությունը 19-րդ դարի եվրոպական կյանքի վրա։ Հատկապես շեշտադրված է Ռուսոյի գաղափարների նշանակությունն արդի Եվրոպայում և մասնավորապես Ֆրանսիայում՝ դրանց առաջնորդությամբ նոր առօրյա կյանք, նոր հասարակական կառուցվածք ստեղծելու և ավանդաբար ժառանգված նիստ ու կացը փոփոխելու գործում։ Այս կերպ դժվար չէ տեսնել, որ հոդվածագիրն առանցքային թեմա է դարձնում բարքի փոփոխության հիմնահարցն իբրև գիտակցված, գաղափարական ծրագիր։  

Հոդվածի ընդհանուր տրամաբանությունը, ինչպես նաև առանձին մի քանի դիտարկումներ ակնհայտ են դարձնում, որ հեղինակը փափագում է նույն գաղափարների հիման վրա փոփոխություններ մտցնել նաև հայ իրականության մեջ։ Բնութագրականը սակայն այն է, թե ինչպես է եվրոպական կյանքի նորոգման կամ որ նույն է՝ եվրոպական արդիության շուրջ այս խոսակցությունը հեղինակը հարաբերում հայ իրականության և հայկական բարքերի հետ։ Այս առնչակցումն ըստ էության իսպառ բացակայում է։ Դրան փոխարինում է Ռուսոյի գաղափարների կարևորության հանդեպ գրեթե անվերապահ հավատը և այն համոզումը, որ այս գաղափարներն արդի բարիք են, որոնցով պետք է նորոգվի նաև հայի՛ բարքը։ Իրական գործող բարքը դրանից կտրված գաղափարներով փոփոխելու մղումն ու իրարից հեռու գտնվող այս բևեռները հավատի ու համոզման ուժով միացնելու գործելաեղանկը մի իրողություն է, որին բախվում ենք հայերի արդիության պատմությունն ուսումնասիրելիս։ Այս առումով ամենևին բացառություն չի կազմում նաև Ռուսոյի հայկական ընթարցման օրինակը։ 

Հոդվածն անստորագիր է և հրապարակվել է Հայրենիք շաբաթաթերթի 1895 թվականի 1208 համարում (տե՛ս «Ժան Ժագ Ռուսօ», Հայրենիք, 3 յուլիս 1895 թ.)։ Հաճախ անստորագիր հոդվածները վերագրվում են պարբերականի խմբագրին, ով այս պարագայում հայտնի հնչակյան գործիչ, ապագայում «վերանորոգված» հնչակյանների առաջնորդ Արփիար Արփիարյանն է եղել։

 

ԺԱՆ ԺԱԳ ՌՈՒՍՕ

Այս օրերս պիտի գրենք Իպսէնի թատերական մէկ գործին վրայ որ վերջերս ներկայացուեցաւ Բարիզ եւ իմաստասիրական մեծ նշանակութիւն մը ունի։ Այդ թատրերգութեան առթիւ, Եւրոպայի ուսեալ դասին մէջ սա խնդիրը արծարծուած է թէ հիւսիսային ազգերը, որոնցմէ է Իպսէն ալ, ի՞նչ աստիճան Ռուսոյի ազդեցութիւնը կրած են կեանքի ըմբռնումին մէջ։

Ո՞վ է Ռուսօ։ Ներկայացնենք այս մարդը որ իր ժամանակը մեծապէս դղրդեց եւ որ իրմէ յետոյ կը շարունակէ մտքերը դղրդել նորէն։ Այն խորհողներէն մէկն է, որոնց տեսութիւնները մարդիկ առնելով հիմ կ’ընեն նոր կարգ ու սարքի մը, նոր ընկերական, նոր ընտանեկան կազմակերպութեան մը։ Ռուսօ ունեցած է իր սքանչացողները, ունեցած է իր ժխտողները։ Ակադեմականներ մերժեր են վրան գովեստի խոսք մը ղուրցել, մինչդեռ Ժորժ Սանի նման գրագէտներ, Բրուտօնի (տե՛ս այստեղ) նման փիլիսոփաներ գացին ներշնչումնին Ռուսոյի գրւածքներէն քաղեցին։

Ռուսօ իր յատուկ տեսութիւնները ունի բնութեան, ընտանիքի, դաստիարակութեան, սիրոյ, ընկերական խնդիրներու եւ կրօնական զգացումի վրայ։ Գրական գործին մէջ կը գտնենք այսպէս վերլուծութիւնը, վիճաբանութիւնը այն էական խնդիրներուն, որոնցմէ մենք մարդիկս շրջապատուած ենք օրօրոցէն մինչեւ գերեզման, եւ որոնց լաւագոյն լուծումը կը փնտռէ է՛ն գիտնականը ինչպէս է՛ն տգէտը, է՛ն հարուստը ինչպէս է՛ն աղքատը, բնազդաբար եւ ամէն օր։

 

ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսոյի ժամանակ, ֆրանսական հարուստ դասակարգը, ազնուականութիւնը կը վարէր արուեստական կեանք մը, սալոնի, ճաշասրահի, ապարանքներու օդին մէջ անցուած կեանք մը։ Ռուսօ ներբողներ գրեց գիւղական կեանքին վրայ, բնութեան գեղեցկութիւններուն վրայ, սիրել տուաւ անոնց ծառերը, խոտերը, լեռները, գետերը, եւ այս բանաստեղծութեան յառաջ բերած արդիւնքը այն եղաւ որ նկարիչները սկսան գծել գեղջկական տեսարաններ, հարուստ եւ ազնուական կիները քաղաքներէն գաղթեցին գիւղերը եւ ապրեցան անտառներու շուքին տակ բարձրացած դղեակներու մէջ։ Այսօր, չի կայ ֆրանսացի քիչ շատ ունեւոր վաճառական մը, փաստաբան մը, բժիշկ մը, արհեստաւոր մը որ քաղաքներէ հեռու գիւղի մը մէջ պարտէզով ամարանոց մը չունենայ։ Ծառ ու ծաղիկ տնկել, փունջեր կապել, պտուղին քաղը ընել, հաւնոց պահել, անտառէն երթալ կանաչ ճիւղերու կապոցներ բերել, անոնցմով տունը զարդարել վերէն վար,- այս ամէնը սկսած է դառնալ ըլլալ ընդհանուր սովորութիւն մը։ Այս ամարանոցը բուն ընտանեկան յարկն է, ուր կը վերադառնան, կը հաւաքուին ամրան օրերը ընտանիքին բոլոր անդամները որոնք երկրին այս կամ այն կողմը ցրուած էին իրենց գործերուն բերմամբ։ Գիւղին մթնոլորտին մէջ ապրուած այդ կեանքը ունի բնականութեան, խաղաղութեան եւ նամանաւանդ պարզութեան հանգամանք մը որ չի կրնար չփոխել արուեստակեալ, շինծու եւ սխալ կեանքը որ քաղաքային բնակութեանց հետեւանքն է։

Մեր հայ ընտանիքներն ալ գիւղ կ’երթան, բայց գէթ Պոլսոյ շուրջը չը գիտենք հատ մը որ հաւնոց պահէ, որ ծառ ու ծաղիկ տնկէ, որ պտուղի քաղ ընէ, որ պարտէզը իջնելով գոգը ծաղկներով լեցնէ եւ վերադառնայ տանը ամէն մէկ անկիւնը զարդարէ։ Եթէ հարուստ է հայ ընտանիքը, ընել կուտայ աս բաները իր պարտիզպանին․ տիկինը կամ օրիորդը իրեն համար անպատիւ կը համարի պարտիզպանական գործերով զբաղիլ։

Ռուսօ կրցաւ ուրեմն փոփոխութիւն մը մտցնել Ֆրանսայի ընտանեկան կեանքի եղանակին մէջ, բնութիւնը անոնց ճանչցնելով եւ անոնց սիրելի ընել տալով։

 

ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Մայրե՛ր, զաւկներնուդ դուք կաթ տուէք։ Ահա այս աղաղակն էր որ Ռուսօ արձըկեց իր կուրծքին բոլոր ուժովը։

Այն ատեն, բարձր դասակարգը կը գոհանար զաւակ աշխարհ բերելով, անոր դիեցումը կը պատկանէր գիւղացի կնկան մը, որուն կը յանձնէին երախան։ Ռուսոյի այս մասին ալ ազդեցութիւնը այն աստիճան զօրաւոր եղաւ որ կոմսուհիները նոր ձեւ շրջազգեստներ կարել տուին որպէս զի կարենան ամենուն առջին զաւկներնուն կաթ տալ։ Այդ պարագային մէջ մօր մը ցուցուցած մերկութիւնները նշան մը նկատուեցան ճշմարիտ մայրութեան։ Աղքատ դասակարգերուն մէջ ընդհանուր եղած սովորութիւնը Ռուսոյի շնորհիւ մուտք գտաւ ազնուականներու մէջ, եւ այս դիեցումի սովորութիւնը ինքնին ահագին փոփոխութիւններ առաջ բերաւ ընտանեկան կազմութեան տեսակէտով։ Պզտիկ երախան եղաւ առարկայ մը որուն վրայ կը հրաւիրուէր ամէնուն սէրը։ Մայրական սէրը ամրացաւ, հայրը, եղբայրը, քոյրը ալ աւելի սիրեցին պզտիկը, եւ երբ այս վերջինը մեծցաւ՝ սիրոյ կապը յառաջ բերաւ նաեւ հաւասարութեան գաղափարը։ Անդրանիկը միւս զաւկըներէն աւելի ժառանգական իրաւունքներ ունէր, եւ նոյն իսկ, ըստ ժառանգորդներու սեռին, ժառանգութիւնը կը բաժնուէր տարբեր կերպով։ Բոլոր այս անհաւասարութիւնները զգալի եղան երբ ընտանիքին անդամներուն միջեւ բնական զգացումները մշակուեցան, եւ օր մըն ալ եկաւ վերջապէս որ ամբողջ Ֆրանսա հռչակեց որ մանչ եւ աղջիկ հաւասար են օրէնքին առջեւ եւ թէ անդրանկութեան իրաւունքները ջնջուած են։ Բաց ասկէ, մայրը եղաւ իր զաւկին օգնականը, բարեկամը։ Մայրը ծնկուըներուն վրայ սկսաւ տղուն ընթերցումը սորվեցնել, զանի առտուն դպրոց տանիլ, եւ իրիկուան երթալ առնել, անոր գրաւոր պարտականութիւնները սրբագրել, դասերը սորվեցնել, հսկել մէկ խօսքով տղուն կրթութեանը վրայ։ Շատ բազմաթիւ են այն մայրերը որոնք լատիներէն սորվեր են, տեսնելով որ պէտք կայ օգնել տղուն այդ լեզուին մէջ։ Այս օր Բարիզի շատ մը մայրեր, որոնց աղջիկները ցերեկեայ բարերագոյն վարժարաններ կը յաճախեն, կ’ընկերակցին անոնց, եւ այսպէսով մօր ու աղջկան միջեւ կը հաստատուին ոչ միայն ծնողական ամուր կապեր այլ մտերմութեան, բարեկամութեան այնպիսի յարաբերութիւններ որոնք մահուամբ միայն կրնան խզուիլ։ Հարուստ հայ մայրեր թերեւս կան որ կաթ տան զաւկըներնուն, բայց կա՞ն արդեօք որ իրենց աղջիկ կամ մանչ տղուն կրթութեանը իրապէս օգնեն, անոր վրայ հսկեն։

 

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Գերմանացիները Ռուսոյին հետեւեցան երբ ելան քարոզեցին որ ամէն մարդ դպրոցէն իսկ ձեռագործ արհեստ մը գիտնալու է։ Լուդովիկոս 16րդ թագաւորը երկաթագործութիւն սորված էր, շատ կատարեալ կղպանքներ կը շինէր, երբոր, պետական գործերէ յոգնած, կ’ուզէր հաճելի զբաղմունք մը ունենալ։ Ֆրանսայի թագաւորը Ռուսոյէն ազդուած ձեռնարկած էր այս արհեստը սորվելու։ Շատ մը ազնուականներ անոր պէս վարուեցան․ աս՝ ատաղձագործութիւն, ան՝ պարտիզպանութիւն եւայլն եւայլն։ Ո՛րքան կիներ, կոմսուհիներ նստան ըրին նոյն բանը։ Այդ ժամանակէն կարելի եղաւ տեսնել դքսուհիներ որոնք իրենց շրջազգեստները կարեցին, կոմսուհիներ որոնք իրենց ճերմակեղէնները ձեւեցին եւայլն։ Գաղափարը գտաւ հետզհետէ աւելի ընդարձակ գործադրութիւն։ Եւ ո՛րքան օգտակար։ Բարեբաղդ են այն մարդիկը որոնք գործիք մը գործածել գիտեն, նամանաւանդ անոնք որ իրենց գործերուն բերմամբ մտաւոր աշխատութիւն կ’ընեն միայն։ Վ․ Հիւկօ տանը վարագոյրները, նստարանները ինքը կը կտրէր, կը կտրէր։ Սէն-Մարք Ժիրարտէն կահագործ էր։ Ինքն իր ձեռքով կը կտրէր կը գամէր գրատունին դարակները, զորս յետոյ յօրինած գրքերովը կը լեցնէր։ Կլատսթոն ա՛լ հանրածանօթ է իբր առաջին կարգի փայտահար որ ամբողջ անտառներ կտրտած է մէկ կողմէն, երբ միւս կողմէն երկիրը կառավարած է, գրքե՛ր ու յօդուածներ գրած է։

 

ՍԷՐԸ

Ռուսօ ունեցաւ սիրահարական շրջան մը եւ ամենեւին ամօթ չսեպեց հանրութեան պատմել իր բոլոր սիրային արկածները մասնաւոր գրքի մը մէջ զոր հրատարակեց Mes confessions անունով։ Խոստովանանքը ըստ ինքեան խոնարհութեան նշան մըն է, բայց Ռուսօ, իր մեղքերուն խոստովանութիւնը ընելով, կ’առնէ ոչ թէ նկուն, նուաստ, խոնարհացած, այլ սէգ, հպարտ, ամբարտաւան դիրք մը ամենուն առջեւ։ Գրքին յառաջաբանին մէջ կը գրէ սա խօսքը․ «Գործ մը ըրի զոր մէկը չպիտի փորձէ ընել երբեք․ կ’ուզեմ նկարագրել մարդ մը այնպէս ինչպէս որ է․ այդ մարդը ես եմ, եւ ո՞վ է որ, զիս կարդալէ յետոյ, պիտի կրնայ ըսել «Ես այս մարդէն աւելի կ’արժեմ։»

Ռուսօ, իբրեւ հայր, իր զաւակները ընկեցիկ աղայոց ապաստանարանը դնել տուած էր։ Իր թշնամիները այս դէպքն է որ շարունակ կը յիշեն անունը աղարտելու համար։ Կը մոռնան միայն թէ կին մը ունէր որ կատարեալ ճիւաղ մըն էր։ Այսու հանդերձ, ամենուն իսկ կարծիքով, Ռուսոյի վերոյիշեալ գիրքը մէկն է այն գիրքերէն որ պէտք է կարդալ։

 

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

Երբոր Տիտռօ, տ’Օլպախ, Հէլվէսիուս, Վոլթէռ կ’աշխատէին քանդել կրօնական դաւանութիւններն առ հասարակ, եւ այս յարձակումը առաջ կը մղէին մինչեւ անաստուածութիւն, Ռուսօ էր որ, անցեալ դարու բոլոր այդ փիլիսոփաներուն մէջ, պատկառոտ աչք մը դէպ ի երկինք վերցնելով կը յայտարարէր Աստուծոյ գոյութիւնը։ Եւ, էջի մը մէջ, կարծուածէն իսկ աւելի հեռուն երթալով, կը գրէր թէ Աւետարանը այնքան վսեմ է որ կարելի չէ ըսել թէ մարդու ձեռքէն ելած է։ Փիլիսոփայի բերնին մէջ իր այս լեզուն շատերը ապշեցուց, մանաւանդ երբ գրեց որ կարող չէ ո՛չ մերժել ո՛չ ընդունիլ Յայտնութեան վարպետութիւնը։ Ռուսօ, կրօնական տեսութիւններուն մասին, ունի այսօր իր հետեւորդները, ինչպես Ժիւլ Սիմոն, Պառթէլըմի Սէնդ-Իլէռ, (տե՛ս այստեղ) որոնք անկեղծ մարտ մը մղած են նիւթապաշտներուն դէմ որոնք հաւատալու ազատութիւնը կ’ուզեն մերժել խորհելու ազատութիւնը վայելողներուն։ Ռուսօ որ այսպէս քրիստոնէութեան նկատմամբ մեծարանք ունի, այս պատճառով իսկ նկատուած է Վոլթէռին հակոտնեան։ Եւ սակայն Ռուսօ, իր կրօնական զգացումին հակառակ, նուազ սիրուած է քան Վոլթէռ, որովհետեւ ինքն այս վերջինէն աւելի յեղաշրջող մը եղած է, այս վերջինէն աւելի յանդուգն եղած է ընկերական կարգ ու սարքին դէմ տուած հարուածներովը։ Ասիկա կը տեսնուի իր Contrat Social գրքին մէջ։

 

ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Երբոր այս գիրքը երեւցաւ, ահագին աղմուկ հանեց։ Ահա այս 100 տարիէն աւելի է որ կայ եւ սակայն այսօր այդ գիրքը ոչ միայն չէ մոռցուած այլ կ’ապրի աւելի կենդանի կեանքով մը քան այն ատենները։ Որովհետեւ հոն ցանուած է սերմը այնպիսի ընկերական վարդապետութեան մը որ իր օրէն ի վեր հետզհետէ աւելի վարկ եւ ընդարձակութիւն կը գտնէ։ Աշխարհիս հնաւանդ կազմակերպութեան պաշտպաններուն նայելով, Contrat Socialը անսովոր արտառոց բան մըն է, բայց անոնք իսկ կը յայտարարեն որ Ռուսօ հիմ բռնած է այս գրքին մէջ երկու ազնիվ եւ անկեղծ զգացումներ, գթութիւն եւ արդարութիւն։ Ռուսօ տեսաւ ի՛նչ թշուառութիւն կը տիրէ երկրիս վրայ եւ յուզուեցաւ։ Տեսաւ հարուստները ո՛րքան աղքատներուն նկատմամբ պարտքերնին կը մոռնային, եւ այս տեսարանէն սիրտը զայրացաւ։ Եւ որովհետեւ Ռուսօ չուզեց մնալ միայն զգայուն մը, այլ փորձեց իրաւունքի եւ պարտքի գաղափարները նոր սահմաններով սահմանել եւ ճշդել, այս ճիգին մէջ այնպիսի եզրակացութիւններու հասաւ, որոնք բոլորովին նոր են։ Այդ գրքին մէջ է որ տնտեսական արդի դպրոցները կ’եռթան կը փնտռեն իրենց հարկաւոր եղած ընկերական ըմբռնումը, որուն նայելով պէտք է այլ եւս ջնջել երախտագիտութիւն եւ բարեգործութիւն բառերը, իբրեւ սխալ գաղափարներու արտայայտութիւն։

Բրուտօն, տնտեսագիտական քանի մը դպրոցներու հիմնադիրը, Ռուսոյի պարզ մէկ աշակերտն է։

* * *

Ահա այս մեծ խորհողն է որ իր 60 տարեկան հասակին մէջ ստիպուած էր ասոր անոր երաժշտական երկեր ընդօրինակել ապրելու համար, որովհետեւ իր գրքերը տարին 600 ֆրանքի հասոյթ մը միայն կուտային իրեն։

Սպասաւորութենէ առաջ եկած այս զուիցերիացին որ մինչեւ իսկ օբերա մըն ալ հեղինակած է, մեռաւ Ֆրանսա, թողնելով մեծ գրագէտի անուն մը, մեծ իմաստասէրի համբաւ մը եւ դժբախտ մարդու յիշատակ մը։