Արցախյան հարցի շուրջ ՀՅ Դաշնակցության պաշտոնական դիրքորոշումը. Հրայր Մարուխյանը՝ «Հայ Դատի եւ Արցախի» մասին

 

 

1980-ականների վերջերին Սփյուռքի կուսակցությունների, «հայդատականության» գաղափարախոսների հետ մեկտեղ անկախության դեմ պայքարի առաջամարտիկներից էր նաև Հայ Հեղափոխական Դաշնակցություն կուսակցությունը։ Հայաստանի առաջին հանրապետության անկումից հետո ՀՅԴն կորսված ազգային անկախության վերականգնման գաղափարի ակտիվ դրոշակակիրն էր Սփյուռքում, որը 1920-ականներին ազգային կոմունիստների հետ հրապարակայնորեն ծավալվող քաղաքական բանավեճերում հանդես էր գալիս Հայաստանի խորհրդային իշխանությունների դեմ ուղղված սուր քննադատություններով։ 1970-ականներից ՀՅԴ քաղաքականության մեջ տեղի է ունենում փոփոխություն. վերջինս անկախության վերականգնման համար «հակախորհրդային» իր պայքարից անցնում է «հակաթուրքական» պայքարին ու պատմականորեն հայկական ճանաչված հողերի միավորումը իբրև առաջնային նպատակ հռչակում։ 1980-ականների վերջերին ՀՅԴն արցախյան հարցը նույնպես տեղակայում էր իր հայդատականպահանջատիրական քաղաքականության ընդհանուր ուղեծրում։

Ստորև ներկայացվող վավերագիրը Դրօշակի 1989 թվականի օգոստոսի 30-ի համարում տպագրված, Դաշնակցության բյուրոյի ղեկավար Հրայր Մարուխյանի հոդվածն է, որը լավագույնս վեր է հանում արցախյան հարցի շուրջ Դաշնակցության պաշտոնական մոտեցումները 1980-ականների վերջերին։ Ինքը՝ Մարուխյանը հստակ էր, որ «Բոլորն ալ՝ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու եւ ընդհանրապես Արցախի Դատի շուրջ համերաշխ են»։ Սակայն, արցախյան հարցի լուծման ռազմավարական ուղիների տեսակետից Մարուխյանը արդեն վերապահում ուներ, որ «հասարակաց եզր գոյութիւն չունի Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս գտնուող հայկական խմբաւորումներու միջեւ»։ Եթե «Ղարաբաղ» կոմիտեի ղեկավարները 1989-ի կեսերից արդեն արցախյան հարցի լուծումը կապում էին հայ ժողովրդի՝ սեփական ուժերին ապավինելու ու Հայաստանի անկախության հռչակման գործընթացի հետ, ապա, ինչպես ցույց է տալիս Մարուխյանի այս հոդվածը, դաշնակցական գործիչները գտնում էին, որ ինչպես Արցախի ու Հայաստանի, այնպես էլ պատմականորեն հայկական ճանաչված հողերի միավորման հարցերը լուծելու նպատակով Հայաստանը պետք է ապավինի նախևառաջ Խորհրդային Միությանը՝ այդպիսով ներկայում անկախության խնդիր չդնելով։

Հրապարակվում է ըստ՝ Հրայր Մարուխեան, «Վիտոշի բազէի հետքերով՝ ի խնդիր Հայ Դատի եւ Արցախի», Դրօշակ, 1989, թիվ 9-10, էջ 3-7։

 

 

Հրայր Մարուխեան

 ՎԻՏՈՇԻ ԲԱԶԷԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ

 

Հայրենաբնակ հայութեան ու նամանաւանդ Արցախի քաջարի հայ բազմութիւններու մերօրեայ ոգորումները, ձգտումները, հետապնդած նպատակները, պահանջատիրական այս կամ այն ձեւի պայքարը եւ, այդ բոլորի մէջ, հայաստանեան զանազան խմբաւորումներու թէ շարժումներու յարուցած հարցերը՝ բոլորը միասին թէ առանձին–առանձին՝ չեն կրնար համայն հայութեան չպատկանիլ կամ անոր համազգային տագնապին տուն տուող պատճառը չհանդիսանալ:

Մէ՛կ ազգի, մէ՛կ հայրենիքի պատկանելիութեան խորարմատ գիտակցութեամբ տոգորուած հայ մարդոց հիմնանպատակային հարցերը՝ հարցերն են աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի բոլոր զանգուածներուն: Ա՛յդ գիտակցութեամբ էին մկրտուած Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի պետական վէմը իրականացնող եւ Մայիսեան Անկախութեան կռիւը նախապատրաստող հայ յանձնառու բազմութիւնները: Ա՛յդ գիտակցութիւնն էր, որ Մայիս 28ով նուիրագործուած անկախ մեր հայրենիքի պարլամենտին մէջ, անմահանուն Աւետիս Ահարոնեանի արտասանած ճառի ընդմէջէն, մերժելով հայ մարդուն հագցուած ռուսահայ, տաճկահայ, պարսկահայ եւ այլ տարագումները՝ յայտարարեց որ յետ այսու գոյութեան իրաւունք ունի միայն մէկ տարագում՝ մէկ ու ամբողջական ազգի պատկանելիութեան ՀԱՅ տարագումը: Եւ այդ ապրումով ու հասկացողութեամբ՝ Հայը պիտի ստանձնէր իր պարտաւորութիւնները մէկ ազգի՝ Հայ ազգի նկատմամբ:

Եթէ քաղաքական պայմաններու բերումով կարճատեւ եղաւ հայ ժողովուրդի կերտած անկախ եւ ամբողջական հայրենիքի կեանքը, ինչպէս նաեւ՝ միա՛յն Հայ տարագումով ներկայանալու այնքա՛ն դժուարութեամբ կենսագործուած հասարակաքաղաքական, պատմա–քաղաքկաան, աշխարհաքաղաքական եւ ազգային բազմարմատ հասկացողութիւնը.– այս անգամ՝ հայը դարձաւ ամերիկահայ, լիբանահայ, ֆրանսահայ, Հայաստանի հայ եւ մասամբ նորին…,– այդ չի կրնար նշանակել, պէտք չէ նշանակէ, որ մէկ օրէն միւսը արժեզրկուեցան եւ քամիի տրուեցան թէ՛ ազգային, թէ՛ քաղաքական առումով հիմնական, այլեւ նուիրական՝ ա՛յդ, ինչպէս եւ միւս հասկացողութիւններն ու նուաճումները:

Փաստօրէն անկախութեան գաղափարը՝ իբրեւ նպատակամղիչ ազդակ՝ կը շարունակէ եւ պէ՛տք է շարունակէ հայութեան պահանջատիրական պայքարի ճամբան բռնած սերունդներուն ներշնչման կենսատու աղբիւրը հանդիսանալ, զանոնք պատնէշի վրայ պահել եւ անոնց յարատեւ պայքարին լիցք տալ: Միաժամանակ՝ մէկ եւ ամբողջական ազգի տարերքով միացեալ հայրենիքի վերակերտումին հասնելու զօրաշարժը, միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականին վերստին մարմին տալու անտեղիտալի հիմնանպատակը կը մնայ. պէ՛տք է մնայ հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող զանգուածներու պահանջատիրական պայքարին րէզոնտէթրը:

Ահա՛, վերոյիշեալ տեսանկիւնէն եւ վերի տողերով սահմանուած մտածումի շրջագծի մէջ դիտելով Հայաստանեան–Արցախեան ներկայ իրադարձութիւններնու իրավիճակը՝ կարելի է հաստատել,–

 

  • Ստալինեան, ապա Պրեժնեւեան սարսափներէն եւ ամբողջատիրական վարչակարգի ճնշումներէն ազատագրուելու հոլովոյթն ապրող հայրենաբնակ հայութիւնը՝ իր իրաւունքներու վերականգնման պայքարը կը մղէ մէկէ աւելի ուղղութիւններով, մէկէ աւելի հարցեր  է դրած սեղանի վրայ եւ, սակայն, այդ բոլորը նուաճելու համար տակաւին չէ որդեգրած բոլորի՝ մէկ ազգի հասկացողութեամբ բոլորի կողմէ ընդունելի ռազմավարական թէ մարտավարական սոլիտ վարքագիծ մը:
  • Բոլոր պարագաներու տակ, կասկածէ դուրս է որ խնդրոյ առարկայ պահանջները, անկախ հանգրուանային բնոյթ ընդգրկող իրենց բնոյթէն, առանձին–առանձին կամ ալ բոլորը միասին՝ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները կը ներկայացնեն:
  • Բազմաթիւ են վերոյիշեալ պահանջները հետապնդող հայկական մեծ թէ փոքր շրջանակները կամ խմբակցութիւնները: Բոլորն ալ՝ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու եւ ընդհանրապէս Արցախի Դատի շուրջ համերաշխ են: Բայց Արցախի պահանջատիրական պայքարը հունաւորելու թէ այդ պայքարին նպատակասլաց մղում տալու գծով տարբեր են մօտեցումները եւ ռազմավարական տեսակէտէ հասարակաց եզր գոյութիւն չունի Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս գտնուող հայկական խմբաւորումներու միջեւ: Հաւանաբար այս է պատճառը, նաեւ, որ հակառակ մէկ կոչով Երեւանի այս կամ այն հրապարակը զօրակիցներով լեցնելու նախընթաց փաստերուն, այսօր, քաղաքական րէալ այն ուժը՝ որ իբրեւ կազմակերպութիւն իր համապարփակ ծրագրով եւ ռազմավարութեան համոզկեր էութեամբ,– ինչպէս նաեւ ռեկլամայինէն դուրս պայքարի շրջահայեաց թէ հեռատես հաշուարկով,– հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի իրաւ մեծամասնութեան եւ մանաւանդ Արցախի հայութեան ազգային նկրտումներու մնայուն վստահութեան աղբիւրը պիտի նկատուէր՝ փաստօրէն գոյութիւն չունի:
  • Հայրենի մեր ժողովուրդի ծոցէն ծնած խմբաւորումներուն այն առաջադրութիւնը, որուն համաձայն 1989ի Սեպտեմբերին ի մի պիտի հաւաքուէին Հայաստանէն ներս գործող բազմաթիւ շրջանակներն ու գործիչները, որպէսզի այդ ճամբով վերածուէին թէ՛ իսկապէս համազգային շարժումի եւ թէ համազգային ճակատով Հայ Դատ հետապնդող կազմակերպութեան,– Արցախի Դատը նկատելով հայոց հիմնանպատակի ճամբուն վրայ՝ նպատակներէն մէկը,– գէթ Յունիս–Յուլիս ամիսներու ընթացքին Հայաստանի մէջ առկայ իրադրութեամբ յաջողելու մեծ յոյսեր չի ներշնչեր: Այս թերահաւատութեան տուն տուած է նաե՛ւ ու մանաւանդ իբրեւ թէ մարտավարական նկատառումներով առաջադրուած այն վարքագիծը, որուն համաձայն Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերու պահանջ ներկայիս պէտք չէ արծարծել որովհետեւ այդպիսի պահանջատիրութիւն մը, ռըվանշիստական նկատուելով՝ անհարկի, թշնամութեան գրգռութիւն պիտի առաջացնէ Հայաստանի հարեւան կարգ մը ժողովուրդներու մօտ: Նաեւ՝ ըստ նոյն այդ վարքագծին, փանթուրանիզմը այլեւս ժամանակավրէպ հարց է եւ, հետեւաբար, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ռազմավարութեան թէ յարակից հաշուարկումներու մէջ տեղ պէտք չէ ունենայ, մանաւանդ որ անոր վերարծարծումը՝ ի վնաս Արցախի դատին անտեղի թշնամութեանց դուռ պիտի բանայ:

Ի մէջ այլոց, այս առթիւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոն իր 1989 Յուլիսի Յայտարարագրով հրապարակած է կուսակցութեան տեսակէտը: Ուրախալի անակնկալ էր տեսնել, որ ըստ երեւոյթին հատ ու կենտ Երեւան հասնող դաշնակցական թերթերէ առնելով, Հայաստանեան որոշ շրջանակներ վերարտադրած էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի այդ յայտարարագիրը եւ, Շաբաթ թէ Կիրակի օր մը, Երեւանի կարգ մը հրապարակներու պատերուն վրայ, կարելի էր կարդալ խնդրոյ առարկայ Յայտարարագրին ամբողջութիւնը:

  • Վերոյիշեալ հաստատումներէն մեկնելով կարելի է ընդգծել, որ եթէ չհաշուենք Արցախի Դատը, որուն շուրջ հասարակաց ընդհանուր եզր մը ստեղծուած է Հայաստանի մէջ ներկայիս գործօն խմբաւորումներուն միջեւ, մնացեալ նոյնիսկ առանցքային կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու գծով՝ ռազմավարական տարբեր մօտեցումներ թէ այլ տարակարծութիւններ չեն նպաստած՝ մնայուն գործակցութեանց յառաջացման: Բնականաբար, Հայաստանի եւ Արցախի համար բախտորոշ այս մոմենտին՝ ազգային գետնի վրայ առանցքային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ համընդհանուր կերպով համերաշխ գործունէութեան մը կարելիութիւնը սերտօրէն աղերս ունի վաւերական թէ ընդունելի առաջադրանքներով հրապարակ իջած կուռ կազմակերպութեան մը մնայուն կերպով վստահութիւն ներշնչող կեցուածքին ու գործին հետ: Պէտք չէ անտեսել նաեւ յեղափոխական այլապէս կազդուրիչ տարերքի մէջ՝ ժողովրդական հետզհետէ թափ ստացող տրամադրութեանց եւ իրերու տրամաբանութեան միջեւ հասարակաց թէ գործնական միջին մը գտնելու ատակ ու խոհականութեամբ զինուած ղեկավարութեան մը դերը:
  • Հայաստանէն ներս տիրող ներկայ կացութեան բերումով, նշմարելի է որ հայրենի մեր ժողովուրդը ազգային թէ՛ հիմնանպատակային, թէ՛ նպատակակէտային բնոյթ կրող հարցերու գծով սկսած է յուսախաբութեան նշաններ ցոյց տալ, ինչպէս նաեւ՝ որոշ ընդունելութիւն ձեռք բերած շրջանակներու նկատմամբ վստահութեան թէ հաւատքի խախտում դրսեւորել: Այս իմաստով՝ յատկանշական պէտք է նկատել այն երեւոյթը որ, Յունիս եւ Յուլիս ամիսներու ընթացքին կազմակերպուած  ցոյցերուն ներկաներու թիւը 10–15 հազարը չէր անցներ, ամենայաջող պարագային 25–30 հազար կը հաշուէր, իսկ վերջինը՝ 60 հազարի շուրջ գնահատուեցաւ:
  • Կասկածէ դուրս է, որ հայրենի մեր ժողովուրդի պարզած ներկայ իրականութեան բաղկացուցիչ ու լրացուցիչ մէկ մասն է Արցախի շուրջ եւ Արցախէն ներս ստեղծուած վիճակը, թէեւ կրկնելու գնով պէտք է հաստատել որ Ղարաբաղի հայութեան պայքարը որեւէ ձեւով Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս ներշնչումներու արդիւնք չէ: Արցախի պահանջատիրական մերօրեայ պայքարը սկսած է եւ կը շարունակէ Ղարաբաղի հայութիւնը: Այդ պայքարի յաջող ելքի մէջ գլխաւոր ազդակ է՛ր, է՛ եւ կը մնայ ինքը՝ Արցախաբնակ հայ ժողովուրդը: Արցախի սահմաններէն դուրս բոլոր հայերու ճտին պարտքն է՝ իբրեւ համազգային առաջնահերթ պարտականութիւն՝ զօրակցիլ եւ գործնապէս օգտակար հանդիսանալ Արցախի Դատին:

Վերոյիշեալ ընդգծումները պէտք չէ թարգմանել այն տրամաբանութեամբ, որ Արցախի Դատը միայն արցախցիներու դատն է եւ հայ ժողովուրդը՝ Լենինականէն Սիտնի, Լոս Անճելըսէն Փարիզ, Պէյրութ թէ այլուր այդ ուղղութեամբ ըսելիք չունի: Ոչ. երբե՛ք:

Ղարաբաղի Դատը Հայ Դատի ամբողջութեան մէկ մասնիկն է եւ, հետեւաբար, իւրաքանչիւր յանձնառու հայ, իւրաքանչիւր պայքարունակ հայ գաղութ՝ այդ գծով ե՛ւ ըսելիք, ե՛ւ ընելիք ունի:

1923էն 1988, 65 տարի շարունակ, երբ ստալինեան լուծին տակ կքած հայրենաբնակ հայութիւնը ո՛չ Ղարաբաղի, ոչ ալ այլ հարցերու գծով ծպտուն չէր կրնար հանել՝ Սփիւռքի յանձնառու հայ բազմութիւնները ձայն բարձրացնելով պահանջատէր կը ներկայանային Ղարաբաղին… Նախիջեւանին եւ մասամբ նորին: Այսօր երբ պայմանները թոյլատու են, որպէսզի Ստեփանակերտէն Երեւան հայ բազմութիւններու պահանջատիրութիւնը աշխարհով մէկ արձագանգ գտնէ՝ ինքնին հասկնալի պէտք է ըլլայ որ պահանջուած շրջահայեցութեամբ եւ ծրագրուած ներդաշնակութեամբ լարուած համայն հայութեան ուժերը չեն կրնար նպատակամղիչ ազդեցութիւն չունենալ: Այս առթիւ ահա՛, անգամ մը եւս պէտք է ընդգծել, որ մէկ ու ամբողջական ազգի, մէկ ու ամբողջական հայրենիքի եւ ազգային ընդհանուր շահերու քաղաքական գիտակցութեան հասած ժողովուրդի մը համար՝ սեփական իրաւունքներու ձեռքբերման պայքարի յաջողութեան երաշխիքը յանձնառու իր զաւակներու համընդհանուր ուժերու լարումին մէջ կը կայանայ:

Վերոյիշեալ իմաստով ալ՝ անմահանուն Չարենցի պատմական պատգամի ճամբով՝ հայ ժողովուրդի միակ փրկութիւնը իր հաւաքական ուժի մէջ կը կայանայ: Այս մտասեւեռումով՝ մեծ կարեւորութեամբ նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այն, որ Ղարաբաղի հարցը, իբրեւ օրուան տաք ու առաջնահերթ խնդիրը, քաղաքական թէ այլ ամպիսիոններու առարկայ պէտք չէ դառնայ որեւէ անհատի կամ հաւաքականութեան կողմէ: Ըստ էութեան, ան բարդ ծալքեր ունեցող հարց մըն է, որ ազգային պատասխանատուութեան լուրջ մարտահրաւէր կը կարդայ հայ կեանքէն ներս գործող բոլորի՜ն–բոլորի՜ն: Այդ մարտահրաւէրը մեզ կը մղէ՝ Ղարաբաղի քաջարի հայութեան պայքարը Հայ Դատի ամբողջութեան մէջ տեղադրելով՝ անոր պայքարին մասնակցելու եւ, անոր ամէնօրեայ հեւքին ականջալուր՝ անոր պայքարի ուժականութեան նպաստելու:

  • Անակնկալներով յղի Կորպաչեւեան փոփոխութիւններու եւ միջազգային ներկայ իրադրութեան դէմ յանդիման՝ Թուրքիայէն հայապատկան հողերու պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ Խ. Միութեան սահմաններէն ներս հայութեան հողային, ազգային եւ ընկերային իրաւունքներու վերականգնման հարցը հայ կեանքէն ներս գործօն ուժերէն կը պահանջէ բազմակողմանի հաշուարկումով հաւասարակշռուած ռազնավարութեան մը որդեգրումը: Այս անհրաժեշտութեան դիմաց, սակայն, ազգային–գաղափարական շարժում դառնալու սեմին գտնուող հայաստանեան զանազան խմբաւորումները տակաւին ոչ–հաստատուն վիճակի մէջ կը թուին ըլլալ եւ, յաճախ, միմեանց դէմ կեցուածքներ կը ճշդեն: Գէթ ներկայ կացութենէն դատելով, զանազան այդ խմբաւորումներէն եւ ոչ մէկը, առանձնաբար, Հայ Դատի աշխատանքները ազդու կերպով ղեկավարելու ընկալեալ պայմանները կը լրացնէ: Այնուամենայնիւ, եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նման պատրաստուած, շրջահայեաց, քաղաքական թափանցող միտք ունեցող ու պայքարունակ հայորդիներ,– եւ այս օրինակը տուած ատեն չենք մոռնար այն իրողութիւնը, որ մեզ վերապահութեան մղող «Ղարաբաղ Կոմիտէ»ի երկու էջնոց ծանօթ յայտարարագիրը ստորագրուած է նոյնինքն Լեւոնի կողմէ,– գլուխ–գլխի՝ նստին Սօս Սարգսեանի պէս հաւասարակշռուած, հեռատես ու խոհական ազգայիններու հետ, իրենց շուրջ համախմբեն անհատական փառասիրութիւններէ վեր կանգնած եւ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄՈՄԵՆՏԻ կարեւորութիւնը կշռելու ատակ նուիրեալներ, այդ խորհրդակցութեան կաեւորութեամբ մասնակից դարձնեն Իգոր Մուրադեանի պէս յանձնառու եւ արցախցիներու կողմէ ըստ ամենայնի ընդունելի պայքարողներ, Անկախ Կազմակերպութիւնների Հայկական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, նաե՛ւ ու մանաւանդ՝ հայ ժողովուրդի մօտիկ անցեալի պատմութեան մէջ գլխաւոր դերակատար եւ ներկայիս ալ յանձնառու ուժերու հետ համախորհուրդ՝ բոլորը միասին մշակեն Հայ Դատի ամբողջական ռազմավարութիւնը, ուր ներառուած կ’ըլլան Սփիւռք–Հայաստան մարտավարական քայլերը, հոն՝ ուր հնարաւոր է, հասարակաց եզրեր ստեղծեն Հայաստանի պաշտօնական մարմիններու հետ եւ, ընդհանրապէս, իրենց գործունէութեան հիմնատարրերը տեղադրեն միջազգային ներկայ իրադրութեան րէալ տուեալներու մէջ, ահա՛ այն ատեն կարելի է ապահով կերպով հաստատել որ Հայաստանեան–Ղարաբաղեան մերօրեայ շարժումները ըստ ամենայնի լաւ ձեռքերու մէջ կը գտնուին: Միայն այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ ապահով կերպով վկայել, որ Հայ Դատի աշխատանքներուն համազգային տարողութեամբ տէր կանգնած է արժանաւոր ղեկավարութիւն մը, որ ատակ է չափելու թէ ըմբռնելու ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄՈՄԵՆՏԻ լրջութիւնը, որ թափանցած է Հայկ Նահապետէն Արամ Մանուկեան ժառանգաբար փոխանցուած հայոց պայքարի փիլիսոփայութեան խորքը եւ այդպիսով վերածուած ՀԱՅԿԵԱՆ ՈՒԺԻ՝ ձեւով հայաստանեան, էութեամբ համահայկական:
  • Հայ Դատի թէ՛ հիմնանպատակային, թէ՛ նպատակակէտային աշխատանքներու գծով Հայաստանի պաշտօնական իշխանութեանց պարտաւորութեան ու պարտականութեան շուրջ պէտք է յստակ եւ ինչ–ինչ նկատառումներէ վեր կեցուածք որդեգրել՝ տրուած ըլլալով այն պարագան, որ Խ. Միութեան ներկայ դրուածքով որքան զօրաւոր ըլլայ հայրենանուէր եւ հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպան իշխանութեան մը կռնակը, ա՛յնքան աւելի զօրաւոր կը հնչէ հայութեան իրաւունքներու պահանջատիրութեան ճամբում բարձրացուցած անոր ձայնը եւ այնքան աւելի ազդու կը դառնան այդ իրաւունքներու ձեռքբերման համար առնուած քայլերը: Այս հաստատումը կ’ընենք,  լաւապէս տեղեակ այն իրողութեան, որ մինչեւ քանի մը ամիս առաջ մեծ լարուածութիւն կը տիրէր ժողովրդական զանգուածներու եւ պետական շրջանակներու միջեւ: Հասկնալի է, թէ ինչու որոշ ժամանակաշրջան մը հայրենաբնակ հայութեան մէկ կարեւոր մասը, ի տես Ս. Յարութիւնեանի պարտուողական բնոյթ կրող որոշ կեցուածքներուն, խոր յուսախաբութիւններ ապրեցաւ եւ ժխտական դիրքորոշում որդեգրեց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Խ. Միութեան վարիչ շրջանակներու դէմ: Այդ ժամանակաշրջանը կ’ընդգրկէ 1988 Սեպտեմբերէն 1989ի Ապրիլ ամիսը երկարող միջոցը: Հ.Յ.Դաշնակցութեան մամուլը եւ կեդրոնական օրգան «Դրօշակ»ը ատենին անդրադարձան այդ երեւոյթին եւ քննադատեցին նահանջ յատկանշող որեւէ տրամադրութիւն՝ սպասելով որ հայրենի իշխանութիւնը համապատասխան փոփոխութիւնը կը մտցնէ Խ. Միութեան կեդրոնական իշխանութիւններու հետ Արցախի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի այլ պահանջներու գծով իր յարաբերութեան եղանակին մէջ եւ կը վերադառնայ 1988ի Սեպտեմբեր 13ին որդեգրած իր դիրքորոշումին: Բարեբախտաբար, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ բարեփոխուած գործելակերպով եւ զուտ հայկական դիրքերէ հայ ժողովուրդի պահանջներուն տէր կանգնելու կեցուածքին որդեգրումը շատ չուշացաւ եւ, յայտնաբար, Խ. Միութեան ներքին քաշքշուքներու թէ Փերեսթրոյքա  – Կլասնոսթ – Տեմոքրաթիզացիա գալարումներէն բխած անորոշութեան մթնոլորտին մէջ շուարած Հայաստանի պետական պատասխանատուները կրցան վերականգնել իրենց նոր ձեռքբերուած, բայց շուտով հարցականի տակ առնուած վարկը, շտկել իրենց մէջքը, հետզհետէ արտայայտիչը հանդիսանալ հայ ժողովուրդի տրամադրութիւններուն եւ, այդպիսով՝ տէր կանգնիլ անոր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան: Մեզի կը մնայ մաղթել եւ սատարել, որպէսզի Հայաստանի պետութեան այս կեցուածքը մինչեւ հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու վերականգնումը միեւնոյն ձեւով շարունակուի: Եւ, բնականաբար, այնքան ատեն որ Հայաստանի պետական պատասխանատուները կը շարունակեն մնալ պահանջատիրական իրենց ներկայ դիրքերուն վրայ՝ համայն հայութեան անվերապահ զօրակցութիւնը բանալի դեր կրնայ ունենալ մեր ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման ճամբուն վրայ:
  • Հայ իրականութեան համար անվիճելի կերպով օրուան անմիջական հարցը Արցախի Դատն է: Հասկնալի է, անշուշտ, որ Արցախի հարցը իր արդար եւ վախճանական լուծումը կը գտնէ միայն այն ատեն, երբ հայապատկան Արցախի կցումովը Հայաստանի՝ կը վերադարձուի իր բուն տիրոջ, հա՛յ ժողովուրդին: Կրկնելու գնով պէտք է ընդգծել, որ Արցախի վերամիացումը Հայաստանին, տրուած ըլլալով անոր շուրջ ստեղծուած բարդ դժուարութիւնները, երկու գործողութեան կը կարօտի. նախ՝ անջատում Ատրպէյճանէն եւ, ապա՝ միացում Հայաստանին: Բոլոր պայմաններուն տակ, անջատման գործողութիւնը կարեւոր, նպատակամղիչ քայլ մըն է դէպի հարցին վերջնական լուծումը: Հայ ժողովուրդի համահայկական եւ յարատեւ ճիգերը յատկապէս մերօրեայ պայմաններու մէջ կարեւորը. շա՜տ կարեւոր դեր պիտի խաղան Արցախի Դատի բարւոք կարգադրութեան մէջ: Ուստի՝ մէկ կողմ թողնելու է անժամանակ հակադրութիւններու տուն տուող կարդ մը նախասիրութիւններ եւ այսպէս կոչուած սկզբունքային տարակարծութիւններ: Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու պայքարի եղելոյթին մէջ ներհայկական տեսակէտէ սկզբունքային տարակարծութեանց ոչ մէկ պատճառ գոյութեան իրաւունք չունի:

Կարդ մը երեւոյթներէ դատելով, եթէ Խ. Միութենէն ներս բացառիկ դէպքեր կամ Կորպաչեւեան շարժումի  արմատական ձախողութեան անակնկալ մը արգելք չհանդիսանան՝ կարելի է «գուշակել» որ Ատրպէյճանէն Արցախի անջատումը կամ ալ ատոր համազօր տնօրինում մը մօտալուտ է: Ուստի, ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄՈՄԵՆՏԻ ամբողջական գիտակցութեամբ՝ ազգովին պատնէշի վրայ գտնուելու եւ արթուն պահակի պատասխանատուութիւնը ստանձնելու անկրկնելի իրադրութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք:

Պատմական փորձով՝ յեղափոխական գործը եւ անոր ռազմավարական էութիւնը ժողովուրդէ ժողովուրդ, միջավայրէ միջավայր, պատմաշրջանէ պատմաշրջան եւ ընդհանրապէս կեանքի պայմաններու համաձայն կը ստեղծէ տուեալ ժամանակաշրջանի յատուկ փիլիսոփայութիւնը եւ կը սահմանէ օրինաչափութիւններ, որոնց դիպուկ ընկալումը կը հանդիսանայ յեղափոխական գործին յաջողութեան գրաւականը: Վիտոշի Բազէին հետքերով է, որ կը փորձենք հունաւորել մեր ներկայ խորհրդածութիւններու ընթացքը: Խորապէս կը հաւատանք, որ յարատեւ կռուի, ինչպէս նաեւ՝ երկար շունչի վրայ նախապատրաստութեան շրջան մը բոլորելէ ետք, հայ ժողովուրդը քայլ առ քայլ՝ Արցախներ նուաճելու ճամբով ի վերջոյ պիտի հասնի իր հիմնանպատակին. Հայ Դատի ամբողջական նուաճումին:

Մինչ այդ, անհրաժեշտ է ըմբռնել ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄՈՄԵՆՏԻ թելադրանքին էութիւնը եւ լծուիլ Հայաստանը ըստ ամենայնի հզօրացնելու կենսամղիչ գործին: Պէտք է տեւաբար յիշել, որ այսօրուան ուժեղ Հայաստանը հիմնակառոյցն է վաղուան ա՛լ աւելի հզօր եւ իր տեսակարար կշռով բարձր՝ Միացեալ եւ ըստ ամենայնի Ազատ Հայաստանին:

Վերոյիշեալ մարտահրաւէրէն պատուով դուրս գալը ազգային մեծ եւ անյետաձգելի պարտականութիւն պէտք է նկատենք եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր հայ, Սփիւռքի մէջ թէ այլուր, պէտք է առաջնորդուի՝ ամէն ինչ Հայաստանի յառաջադիմութեան ու Հայաստանի հզօրացման համար ազգակերտ նշանաբանով: